ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 3
Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա Տէրը Երուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը, Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը,
2 Կտրիճն ու պատերազմող մարդը, Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը,
3 Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը, Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։
4 Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ, Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։
5 Ժողովուրդը՝ իրարմէ Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն. Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան Եւ անարգները՝ պատուականներուն։
6 Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ. «Դուն հանդերձ ունիս, Մեր վրայ իշխան եղիր Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։
7 Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ՝ ՝ ու ըսէ. «Ես առաջնորդ չեմ ըլլար, Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ. Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։
8 Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։ Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են, Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։
9 Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։ Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։
10 Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։
11 Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր, Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։
12 Բայց իմ ժողովուրդիս հարստահարիչները տղաք են Ու անոր վրայ կիներ կը տիրեն։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանեն Եւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն։
13 Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր է Ու ժողովուրդները դատելու կեցեր է։
14 Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայ Իր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ։ «Վասն զի դուք այգին այրեցիք Ու աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է։
15 Դուք իմ ժողովուրդս կը կեղեքէք Ու աղքատները կը հարստահարէք», Կ’ըսէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։
16 Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ. «Որովհետեւ Սիօնի աղջիկները հպարտացան Ու բարձրապարանոց կը քալեն, Անհամեստ ակնարկութիւններ կ’ընեն, Մանրաքայլ կ’երթան Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն,
17 Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ Եւ անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ»։
18 Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէ Անոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքը Ու ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները,
19 Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշատեռները,
20 Ապառօշները, ոտքի շղթաներն ու գօտիները, Անուշահոտութիւններու տուփերը, հմայեակները,
21 Մատանիները եւ քթերուն օղերը,
22 Պատմուճանները, վերարկուները, Ծածկոցներն ու քսակները,
23 Հայելիներն ու բեհեզները, Խոյրերն ու քօղերը։
24 Որպէս զի անուշահոտութեան տեղ փտտութիւն Ու գօտիի տեղ չուան Եւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւն Եւ լանջագեղ կամարի տեղ քուրձի գօտի Ու գեղեցկութեան տեղ խարան ըլլայ։
25 Քու մարդիկդ սուրով պիտի իյնան Ու կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ։
26 Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնեն Եւ անիկա ամայի ըլլալով՝ գետինը պիտի նստի։