ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 8

Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազին մասին»։
2 Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։
3 Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ դիր.
4 Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ
5 Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.
6 «Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի,
7 Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ Եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։
8 Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ Ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի Եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։
9 Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք՝ ՝, բայց պիտի խորտակուիք. Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք, Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
10 Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. Քանզի Աստուած մեզի հետ է։
11 Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի Ու խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով.
12 «Դաւադրութիւն մի՛ ըսէք Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ’ըսէ։ Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։
13 Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։
14 Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝ Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմ Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։
15 Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին, Ու իյնալով պիտի խորտակուին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։
16 Վկայութիւնը կապէ, Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։
17 Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է Ու անոր պիտի յուսամ։
18 Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝ Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։
19 Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝ «Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք», Այն ատեն ըսէք թէ Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ։
20 Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն. Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին, Անոնք ամենեւին լոյս չունին։
21 Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ Ու իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի
22 Եւ դէպի երկիր պիտի նայի Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։ Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։