ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 4
Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն. «Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք, Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝ Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
2 Այն օրը Տէրոջը շառաւիղը Փառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայ Եւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝ Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։
3 Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածը Ու Երուսաղէմի մնացորդը, Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ մնացողները, Սուրբ կոչուին,
4 Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայ Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։
5 Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու անոր ժողովարաններուն վրայ Ցորեկը ամպ եւ մէգ Ու գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ, Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։
6 Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ, Տաքութեան համար՝ հովանի Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։