ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 44

«Հիմա մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Ու դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս։
2 Քեզ ստեղծող եւ արգանդի մէջ ձեւակերպող Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Եւ դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս, մի՛ վախնար.
3 Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։
4 Անոնք իբր թէ՝ խոտերու պէս, Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։
5 Մէկը պիտի ըսէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’. Մէկն ալ Յակոբին անունովը պիտի կանչուի, Միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’ Ու Իսրայէլին անունովը պիտի մականուանուի»։
6 Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
7 Հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր Ո՞վ կրցաւ ինծի ձայն տալ ու պատմել, Ասիկա ինծի համար կարգի դնել. Թող ըսեն գալու եւ ըլլալու բաները։
8 Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չյայտարարեցի՞ Թէ իմ վկաներս դուք էք։ Ինծմէ զատ Աստուած կա՞յ. Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր»։
9 Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են, Անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ, Իրենք իրենց դէմ վկաներ են. Չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան։
10 Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ, Կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չ’ըներ։
11 Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան, Վասն զի արուեստագէտները՝ իրենք մարդ են. Թող անոնք ամէնքը հաւաքուին ու կայնին։ Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչնան։
12 Երկաթագործը ածուխի վրայ կը շինէ տապարը, Կռաններով անոր ձեւ կու տայ, Զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ։ Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի. Երբ ջուր չխմէ, կը մարի։
13 Հիւսնը լար կը քաշէ եւ մատիտով կուռքը կը գծագրէ, Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը քանդակէ, Անոր վրայ կարկինով կը գծէ, Զանիկա մարդու կերպարանքով Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ, Որպէս զի տան մէջ դրուի։
14 Անիկա իրեն եղեւիններ կը կտրէ Եւ թեղօշ ու կաղնի կ’առնէ, Զանոնք անտառի ծառերէն կ’ընտրէ։ Սոճի կը տնկէ եւ անձրեւը զանիկա կը մեծցնէ։
15 Անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան. Անոնցմէ կ’առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ. Անոնց մէկ մասը կ’այրէ ու հաց կ’եփէ, Նաեւ աստուած մը կը շինէ եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընէ։ Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։
16 Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ, Կէսին վրայ հաց ու Խորոված կ’եփէ ու կը կշտանայ, Կը տաքնայ ու կ’ըսէ. «Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ»։
17 Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն, Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ’ընէ, Անոր աղօթք կ’ընէ ու կ’ըսէ. «Զիս ազատէ՛, քանզի իմ աստուածս դո՛ւն ես»։
18 Չեն գիտեր ու չեն հասկնար, Քանզի անոնց աչքերը՝ տեսնելէ Եւ անոնց սրտերը հասկնալէ դադրեցան։
19 Ոեւէ մէկը միտքը չի բերեր Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի, որ ըսէ. «Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի, Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի. Միս խորովեցի ու կերայ Եւ մնացածն ալ պիղծ բա՞ն շինեմ, Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։
20 Անիկա մոխիրով կը սնանի, Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ Եւ իր հոգին չի կրնար փրկել ու չի հարցներ. «Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ»։
21 Ասոնք միտքդ բեր, ո՛վ Յակոբ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես. Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես։ Ո՛վ Իսրայէլ, քեզ պիտի չմոռնամ՝ ՝։
22 Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի։
23 Ուրա՛խ եղէք, ո՛վ երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա։ Ո՛վ երկրի վարի կողմեր, ցնծութեամբ աղաղակեցէք. Լեռնե՛ր, անտա՛ռ ու անոր մէջ եղող բոլո՛ր ծառեր, Ուրախութեան ձայներ հանեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։
24 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։ Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։
25 Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ, Իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։
26 Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ Եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ։ Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ, թէ ‘Պիտի բնակուի’ Ու Յուդայի քաղաքներուն համար՝ թէ ‘Պիտի շինուին Ու անոր աւերակները պիտի վերաշինեմ’։
27 Անդունդին կ’ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։
28 Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’ Եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։