ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 26

Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն. «Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք. Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։
2 Դռները բացէ՛ք, Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։
3 Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ։
4 Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է,
5 Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։
6 Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ, Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։
7 Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։
8 Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր. Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։
9 Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի Ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս՝ ՝. Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։
10 Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։ Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։
11 Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ, Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։ Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։
12 Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս, Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։
13 Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին, Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։
14 Անոնք մեռած են, պիտի չողջնան, Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել, Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր Ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։
15 Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր, Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար, Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։
16 Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին, Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին՝ ՝։
17 Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ, Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։
18 Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք, Հով ծնանողի պէս եղանք Ու երկիրը չկրցանք ազատել Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան։
19 Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։
20 Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր Ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։
21 Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ Եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։