ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 20
Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն զրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտեսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ, 2Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։ 3Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ, 4Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։ 5Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։ 6Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։