ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 46

Բէլ խոնարհեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ, Անոնց կուռքերը կենդանիներու ու անասուններու վրայ էին։ Ձեր բեռցուցած բեռները Յոգնած անասունին ծանրութիւն եղան։
2 Անոնք ծռեցան ու մէկտեղ խոնարհեցան, Չկրցան բեռը ազատել Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։
3 «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.
4 Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։
5 Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք, Զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։
6 Քսակէն ոսկի կը թափէն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն, Վարձքով ոսկերիչ կը բռնեն, որ անով աստուած շինէ։ Զանիկա կը պաշտեն եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընեն։
7 Զանիկա ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին, Իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։ Անիկա իր տեղէն չի շարժիր Եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար, Զանիկա իր նեղութենէն չ’ազատեր։
8 «Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք, Մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։
9 Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ,
10 Որ վերջինը՝ սկիզբէն Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի Ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։
11 Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։ Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ։
12 «Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք.
13 Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, Անիկա պիտի չհեռանայ։ Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ. Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ Ու իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար»։