ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 32
Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։
2 Այս մարդը՝ ՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։
3 Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան, Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։
4 Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ Եւ թոթովախօսներուն լեզուն Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։
5 Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի, Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի.
6 Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։ Կեղծաւորութիւն կ’ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։ Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։
7 Ագահին հնարքները չար են Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար Նենգութիւններ կը խորհի, Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։
8 Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։
9 Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք, Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք. Ո՛վ անհոգ աղջիկներ, Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։
10 Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք, Ո՛վ անհոգ կիներ, Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ, Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։
11 Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք. Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք. Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։
12 Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար Կուրծքերնին պիտի ծեծեն՝ ՝։
13 Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի. Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝ Բերկրալի քաղաքին մէջ։
14 Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին, Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի, Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար,
15 Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։
16 Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։
17 Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
18 Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ Ու ապահով վրաններու մէջ Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։
19 Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։
20 Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։