ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 11

Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի
2 Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
3 Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
4 Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5 Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։
6 Գայլը գառին հետ պիտի բնակի Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։
7 Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ
8 Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։
9 Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
10 Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11 Եւ այն օրը Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացորդը։
12 Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ Ու երկրին չորս անկիւններէն Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13 Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին. Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։ Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.
14 Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։ Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։
15 Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։
16 Իր ժողովուրդին մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին, Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։