ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 16

Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին, Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։
2 Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝ Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։
3 «Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։ Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր, Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։
4 Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ. Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։ Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւ Եւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։
5 Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ, Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։
6 Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։ Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք։ Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։
7 Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ, Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։ Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք, Անոնք իրապէս կործանուած են։
8 Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան. Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։ Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։
9 Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ. Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ, Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։
10 Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան, Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։ Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։ Անոնց աղաղակը վերջացուցի։
11 Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։
12 Այն ատեն պիտի երեւնայ Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար, Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։
13 Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։
14 Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս, Մովաբին փառքը պիտի անարգուի Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։