ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 36
Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։
2 Ասորեստանի թագաւոր Ռափսակը Լաքիսէն շատ զօրքով Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին ու անիկա թափիչի ագարակին ճամբան՝ վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցաւ։
3 Եւ պալատին հազարապետը՝ Քեղկիայի որդին Եղիակիմ ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաղը անոր գացին։
4 Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէք. ‘Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ.
5 Ո՞րն է այն յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս։ Դուն կը խորհիս թէ պարզ խօսքերը պատերազմի համար ռազմագիտութիւն եւ զօրութիւն են, բայց անոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւն ապաւինելով ինծի դէմ ապստամբեցար։
6 Դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին՝ ապաւինեցար, որ եթէ անոր մարդ մը կռթնի՝ ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսին Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է։
7 Բայց եթէ ինծի ըսես թէ՝ ‘Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք’, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. ‘Միայն այս սեղանին առջեւ երկրպագութիւն ըրէք’։
8 Ու հիմա իմ տիրոջս Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ ունիս։
9 Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։
10 Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելի՛ր ու զանիկա աւերէ՛’»։
11 Եղիակիմ եւ Սեբնա ու Յովաք Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսիր, քանզի մենք կը հասկնանք։ Մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ»
12 Բայց Ռափսակ ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը լսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. չէ՞ որ այն մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու»։
13 Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց ու ըսաւ. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք։
14 Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ ազատել։
15 Եզեկիա թող ձեր յոյսը Եհովային վրայ չդնէ՝ ըսելով. Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։
16 Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի ելէ՛ք։ Ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն թող ուտէ։ Ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն թող խմէ,
17 Մինչեւ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը տանիմ։
18 Չըլլայ թէ Եզեկիա ձեզ գլխէ հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ Միթէ միւս ազգերուն աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ ամէն մէկը իր երկիրը ազատե՞ց։
19 Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։
20 Այս երկիրներուն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ’»։
21 Անոնք լուռ կեցան եւ անոր ամենեւին պատասխան մը չտուին. քանզի թագաւորը հրամայեր էր՝ «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։
22 Քեղկիային որդին Եղիակիմ՝ պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաք հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր պատմեցին։