ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 5

Հիմա իմ սիրականիս երգը Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով. Իմ սիրելիս այգի մը ունէր Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։
2 Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։ Անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց։ Կը սպասէր, որ խաղող տար, Բայց անիկա ազոխ տուաւ։
3 Ուստի հիմա դուք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ, Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաւոր եղէք։
4 Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի, Որ ես անոր չըրի։ Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի, Անիկա ազոխ տուաւ։
5 Ուրեմն ես ձեզի ըսեմ, Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս։ Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ։ Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ։
6 Խոպանացած պիտի թողում։ Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի, Որպէս զի ցախ ու փուշ բուսցնէ։ Ամպերուն պիտի պատուիրեմ, Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան։
7 Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ, Արդարութեան՝ եւ ահա աղաղակ։
8 Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն, Ագարակ ագարակի վրայ կ’աւելցնեն. Մինչեւ որ տեղ չմնայ Ու միայն դուք բնակիք երկրի մէջ։
9 Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ՝ ըսելով «Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան, Մեծ ու գեղեցիկ տուներ ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի։
10 Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։
11 Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ’ելլեն Ու ցքի խմելու ետեւէ կ’ըլլան Եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան, Մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ։
12 Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ, Թմբուկ ու սրինգ եւ գինի կը գտնուի, Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ Եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր։
13 Անոր համար իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով՝ գերի կ’իյնայ Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն, Բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։
14 Անոր համար դժոխքը ինքզինք կը լայնցնէ Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ։ Անոր պարծանքն ու բազմութիւնը Եւ աղաղակն ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնեն։
15 Ռամիկ մարդը պիտի իյնայ Ու ազնուականը պիտի խոնարհի։ Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին։
16 Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ։ Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորուի։
17 Գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն։
18 Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն Ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս,
19 Որոնք կ’ըսեն. «Թող արտորայ, Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք։ Իսրայէլին Սուրբին խորհուրդը Թող մօտենայ, գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։
20 Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. Որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, Որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։
21 Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն Եւ իրենց առջեւ խոհական են։
22 Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու համար՝ զօրաւոր Ու ցքի խառնելու համար կտրիճ են,
23 Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ’արդարացնեն Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն։
24 Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ’ուտէ Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի, Այնպէս ալ անոնց արմատը փտտութեան պէս պիտի ըլլայ Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ։ Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրէնքը մերժեցին Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։
25 Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք, Այնպէս որ լեռները դողացին Ու անոնց դիակները ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
26 Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի վերցնէ Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։ Ահա անոնք արտորալով եւ արագութեամբ պիտի գան։
27 Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չյոգնի ու մէ՛կը պիտի չսահի. Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ։ Մէ՛կուն մէջքի գօտին պիտի չքակուի, Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի։
28 Անոնց նետերը սուր են Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։ Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին Եւ կառքերուն անիւները մրրիկի պէս են։
29 Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն, Կորիւններու պէս կը գոռան։ Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն, Զանիկա կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։
30 Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ Եւ լոյսը անոր ամպերուն մէջ պիտի խաւարի։