ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 2

Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին.
2 «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։
3 Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ.
4 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։
5 Ո՛վ Յակոբի տուն, Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։
6 Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր, Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցան Եւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ’ընեն Ու օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։
7 Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան։ Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ Եւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։
8 Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։ Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն, Անոնց՝ որոնք իրենց մատերը շինեցին։
9 Ռամիկ մարդը ծռեցաւ, Ազնուականը խոնարհեցաւ։ Անոնց մի՛ ներեր։
10 Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Վէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։
11 Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
12 Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրը Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն Եւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։
13 Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայ Ու Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ,
14 Բոլոր բարձր լեռներուն վրայ Ու բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ
15 Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայ Ու բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ
16 Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայ Ու բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։
17 Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
18 Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։
19 Քարայրներու մէջ Ու երկրին խոռոչները պիտի մտնեն Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն, Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։
20 Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ Իր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը, Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար,
21 Որպէս զի Տէրոջը վախէն Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Ապառաժներուն՝ ծակերը Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ, Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։
22 Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։