ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 54

«Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
2 «Վրանիդ տեղը լայնցուր, Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին. Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։
3 Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ, Աւերուած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ։
4 Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս, Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես,
5 Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է, Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է, Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։
6 Տէրը քեզ՝ երեսէ ձգուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց», կ’ըսէ քու Աստուածդ։
7 «Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։
8 Քիչ մը՝ ՝ սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի, Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ», Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։
9 «Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին, Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։
10 Քանզի լեռները պիտի վերնան Եւ բլուրները պիտի սասանին, Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի», Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի։
11 «Ո՛վ փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի, Ահա ես քու քարերդ գոյնզգոյն պիտի ընեմ, Քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ.
12 Քու մարտկոցներդ կարմիր յակինթներով՝ ՝, Դռներդ՝ կարկեհաններով, Բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։
13 Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
14 Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս, Բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս Ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ։
15 Ահա անշուշտ քեզի դէմ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ. Ով որ քու վրադ ելլէ, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։
16 Ե՛ս ստեղծեցի դարբինը, որ կրակը կ’արծարծէ Եւ իրեն համար պիտանի գործիքներ կը շինէ։ Ե՛ս ստեղծեցի կործանողը, որ կ’աւերէ։
17 Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ’ըսէ Տէրը։