ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 17

Դամասկոսին պատգամը։ «Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։
2 Անոր քաղաքները պիտի լքուին, Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան, Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։
3 Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայ Եւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան», Կ՛ըսէ զօրքերու Տէրը։
4 «Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսի Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։
5 Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ, Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։ Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։
6 Ինչպէս ձիթենին կը թօթուեն Ու բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատ Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ, Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան», Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։
7 Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային Ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։
8 Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։ Իրենց մատներուն շինածը, Թէ՛ Աստարովթին կուռքերը, Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։
9 Այն օրը անոր ամուր քաղաքները, Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուած Անպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանին Ու աւերակ պիտի ըլլան։
10 Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր, Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։
11 Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես, Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։
12 Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը, Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան Ու վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝ Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։
13 Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն, Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ. Ուստի հեռու պիտի փախչին Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն Եւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշիին պէս պիտի հալածուին։
14 Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայ Ու առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։ Մեզ յափշտակողներուն բաժինը Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։