ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 7

Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդիին Յովաթամի որդիին Աքազին օրերը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէն Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ պատերազմ ընել։
2 Ուստի երբ Դաւիթին տանը լուր տրուեցաւ թէ Ասորիները Եփրեմի հետ միաբանեցան՝ ՝, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։
3 Բայց Տէրը Եսայիին ըսաւ. «Հիմա դուն քեզի հետ առ քու որդիդ Սէար-Յասուբը, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը ելի՛ր Աքազը դիմաւորելու։
4 Եւ ըսէ՛ անոր. ‘Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր, Մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն՝ Այսինքն Ռասինի ու Ասորիներու Եւ Ռովմելայի որդիին սաստիկ բարկութենէն։
5 Որովհետեւ Ասորիները, Եփրեմն ու Ռովմելային որդին Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին.
6 «Յուդայի վրայ երթանք ու զանիկա բռնադատենք Եւ մեզի հնազանդեցնենք, Ետքը անոր մէջ Տաբէէլին որդին թագաւոր դնենք»’։
7 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի.
8 Վասն զի Ասորիներուն երկրին գլուխը՝ Դամասկոս Եւ Դամասկոսին գլուխը Ռասին է։ Վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի ջնջուի։
9 Եփրեմին գլուխը՝ Սամարիա Եւ Սամարիային գլուխը Ռովմելային որդին է. Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք’։
10 Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազին ու ըսաւ.
11 «Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ, Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ»։
12 Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր ու Տէրը չեմ փորձեր»։
13 Այն ատեն անիկա ըսաւ. «Լսէ՛ հիմա, ո՛վ Դաւիթի տուն. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ քեզի մարդիկ աշխատցնելդ, Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցնես։
14 Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։
15 Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ, Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել։
16 Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ Պիտի թողու այն երկիրը, Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս։
17 Տէրը քու վրադ ու քու ժողովուրդիդ վրայ Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ, Որ Եփրեմին Յուդայէն զատուած օրէն ի վեր չեկան, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը»։
18 Այն օրը Տէրը պիտի սուլէ, Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերը Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուները,
19 Բոլորը պիտի գան ու պիտի հանգչին Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ Եւ բոլոր թուփերուն ու բոլոր արօտներուն մէջ։
20 Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով, Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով, Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ։
21 Այն օրը մարդ մը, Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով,
22 Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ, Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։
23 Եւ այն օրը, Ուր որ հազար որթատունկ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժէքով, Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
24 Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան, Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
25 Եւ այն բոլոր լեռները, որոնք բրիչով կը փորուէին, Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառով հոն պիտի չերթաք. Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան։