ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 59
Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել, Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։
2 Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը Ձեր անօրէնութիւնները եղան։ Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։
3 Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։ Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։
4 Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։
5 Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։ Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, Եթէ կոտրեն՝ իժ կ’ելլէ։
6 Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։ Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։
7 Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան։ Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։
8 Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։ Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։
9 Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր. Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ’ըլլայ, Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։
10 Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։ Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք. Պտղաբեր արտերու մէջ՝ ՝ մեռելներու պէս ենք։
11 Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։
12 Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան, Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։
13 Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։ Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք, Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝
14 Իրաւունքը ետ դարձաւ Ու արդարութիւնը հեռացաւ, Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։
15 Ճշմարտութիւնը կը պակսի, Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։ Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ, Քանզի իրաւունք չմնաց։
16 Տեսաւ, որ մարդ մը չկար Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր, Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։
17 Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։
18 Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն, Հատուցում՝ իր թշնամիներուն, Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։
19 Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն, Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։
20 «Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ’ըսէ Տէրը։
21 «Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ, Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին, Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ’ըսէ Տէրը։