ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 14

Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ. Օտարազգիները պիտի միանան անոնց Ու Յակոբին տանը պիտի յարին։
2 Ժողովուրդները պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին։ Իսրայէլին տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ, Իբրեւ ծառաներ եւ աղախիններ Եւ անոնք զիրենք գերի տանողները գերի պիտի առնեն Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն։
3 Երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն,
4 Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը խօսիր ու ըսէ՛. Ի՜նչպէս դադրեցաւ բռնութիւն ընողը, Ի՜նչպէս դադրեցաւ հարկապահանջ քաղաքը։
5 Տէրը՝ ամբարիշտներուն գաւազանը Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց։
6 Սրտմտութեամբ եւ անդադար հարուածով ազգերը զարնողը, Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը Հիմա կը հալածուի ու արգիլող մը չկայ։
7 Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն։
8 Նաեւ մայրիները ու Լիբանանի եղեւինները Քեզի համար կ’ուրախանան ու կ’ըսեն. ‘Քանի որ դուն պառկեր ես, Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ’։
9 Դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ, Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ։ Քեզի համար արթնցուց մեռելները, Երկրի բոլոր իշխանները Եւ բոլոր ազգերուն թագաւորները Իրենց աթոռներէն վերցուց։
10 Անոնք պիտի պատասխանեն ու քեզի ըսեն. ‘Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար Ու մեզի նմանեցար’։
11 Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան. Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան Ու որդերը քեզ կը ծածկեն։
12 Ով առտուն ծագող Արուսեակ, Ի՜նչպէս երկնքէն ինկար Ու մինչեւ գետինը կործանեցար, Դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր։
13 Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր. ‘Երկինքը պիտի ելլեմ Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ Եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ.
14 Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’։
15 Բայց ահա դժոխքը կ’իջնես, գուբին խորունկ տեղերը։
16 Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն. ‘Աս այն մարդն է, որ երկիրը կը սարսէր, Թագաւորութիւնները կը դողացնէր,
17 Աշխարհս անապատ կը դարձնէր, Անոր քաղաքները աւերակ կ’ընէր Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր’։
18 Ազգերուն բոլոր թագաւորները Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի։
19 Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս, Գուբի քարերուն մէջ իջնող, Սուրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս, Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար։
20 Դուն թաղումով անոնց հետ չմիացար, Քանզի քու երկիրդ աւերեցիր Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր։ Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի։
21 Կոտորած պատրաստեցէ՛ք անոր տղոցը, Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար, Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն Եւ աշխարհի երեսը թշնամիներով չլեցնեն»։
22 Քանզի զօրքերու Տէրը կ’ըսէ. «Անոնց վրայ պիտի ելլեմ Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը Եւ զաւակն ու սերունդը պիտի բնաջնջեմ։
23 Զանիկա՝ ոզնիներուն ժառանգութիւն Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա»։
24 Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ Ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։
25 Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտորեմ Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ Ու անոր բեռը՝ անոնց ուսէն»։
26 Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է։ Բոլոր ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է։
27 Քանի որ զօրքերու Տէրը նախասահմանեց, Ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։ Անոր ձեռքը երկնցած է, Ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել։
28 Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ.
29 «Ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուելուն համար մի՛ ուրախանար. Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ Ու անոր պտուղը կիզող թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։
30 Աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին։ Քու արմատդ սուրով պիտի կորսնցնեմ Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ։
31 Ողբա՛, ո՛վ դուռ, աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք, Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս, Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ Ու անոր զօրքերէն փախստական մը պիտի չըլլայ»։
32 Ազգերու դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի. «Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին»։