ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 51
«Դո՛ւք, արդարութեան հետեւողներ, Տէրը փնտռողներ, ինծի մտի՛կ ըրէք. Այն վէմին նայեցէ՛ք, ուրկէ կոփուեցաք, Այն գուբին՝ ուրկէ հանուեցաք։
2 Ձեր հօրը Աբրահամին Ու ձեզ ծնանող Սառային նայեցէ՛ք. Քանզի երբ մէկ հատ էր, զանիկա կանչեցի Եւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի։
3 Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ. Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ, Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։ Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն, Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։
4 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ինծի մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ իմ ազգս, ինծի ունկնդրէ. Քանզի ինծմէ օրէնք պիտի ելլէ, Իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ։
5 Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է։ Իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն. Կղզիները ինծի պիտի յուսան Եւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին։
6 Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք դէպի երկինքը, Վա՛ր նայեցէք դէպի երկիրը, Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնի Ու երկիրը հանդերձի պէս պիտի մաշի։ Նմանապէս անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին, Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ Ու իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի։
7 Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։
8 Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս Եւ մեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս, Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայ Ու իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ»։
9 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։ Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս, Անցած դարերուն պէս։ Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիր Ու վիշապը վիրաւորեցիր։
10 Դուն անիկա չե՞ս, որ ծովը, Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր, Ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ բացիր, Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին։
11 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան Ու երգերով Սիօն պիտի գան։ Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
12 «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն Ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս։
13 Քեզ՝ ստեղծող, երկինքները տարածող Ու երկրին հիմերը դնող Տէրը կը մոռնաս Ու բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս, Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է. Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը.
14 Կապուածը շուտով պիտի արձակուի, Գուբին մէջ պիտի չմեռնի, Իր հացը պիտի չպակսի,
15 Քանզի քու Տէր Աստուածդ ե՛ս եմ, Որ ծովը կը յուզեմ, այնպէս որ ալիքները կը գոռան։ Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է։
16 Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ Եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։
17 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու ելի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմ, Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր, Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր։
18 Անոր բոլոր ծնած որդիներէն՝ իրեն առաջնորդ չկայ Ու բոլոր մեծցուցած տղաքներէն՝ իրեն ձեռնտու չկայ։
19 Երկու բաներ քեզի պատահեցան, Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի. Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր։ Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ։
20 Քու տղաքդ նուաղած են, Փողոցներուն գլուխը կը պառկին Որոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս։ Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը, Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը լեցուած են։
21 Ուրեմն մտի ըրէ՛, ո՛վ ողորմելի, Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէն.
22 Այսպէս կ’ըսէ քու Եհովա Տէրդ Եւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ. «Ահա քու ձեռքէդ՝ թմրութեան բաժակը, Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը առի. Զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չխմես։
23 Զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի տամ, Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին՝ ‘Ծռէ՛, որպէս զի անցնինք’ Ու դուն կռնակդ՝ անցնողներուն համար՝ Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։