ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 30

«Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար Խորհուրդ կ’ընեն, բայց ինծմով չէ. Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ.
2 Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելու Կ’երթան Եգիպտոս կ’իջնեն, Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելու Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։
3 Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթ Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ,
4 Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին Ու դեսպանները Հանէս հասան։
5 Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով, Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։ Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։
6 Ահա բեռ կրող անասունները՝ ՝ ՝ դէպի հարաւ՝ Նեղութեան ու վշտերու, Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ’երթան. Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայ Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։
7 Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն։ Անոր համար զինք «Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։
8 Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛ Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛, Որպէս զի ապագային Յաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։
9 Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է, Ատախօս տղաքներ են Ու այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր,
10 Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք» Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք, Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք,
11 Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք, Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք, Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։
12 Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիք Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝
13 Անոր համար այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղող Ուռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։
14 Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ։ Անոր կտորուանքներուն մէջ Կրակարանէն կրակ առնելու Կամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։
15 Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,
16 Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։ Անոր համար պիտի փախչիք։ «Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք, Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։
17 Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ, Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք. Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէս Ու բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։
18 Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ Ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։
19 Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս, Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։ Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։
20 Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան, Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։
21 Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։
22 Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները Ու ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես, Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։ Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։
23 Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։ Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։
24 Երկիրը գործող եզներն ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսած Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն։
25 Մեծ կոտորածին օրը, Աշտարակներուն կործանման ատենը, Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։
26 Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վերքը պատէ Ու անոնց հարուածին խոցը բժշկէ, Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէս Ու արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելի Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։
27 Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։ Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։ Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է։
28 Անոր հոգին յորդահոս գետի պէս Մինչեւ պարանոցը պիտի հասնի, Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։
29 Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք Ու Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համար Սրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք։
30 Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը, Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով Իր երկնցած բազուկը՝ ՝ պիտի ցուցնէ։
31 Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին Տէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի
32 Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած, Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ, Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։ Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։
33 Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։ Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ, Զանիկա խորունկցուց ու լայնցուց, Ան դիզած է կրակ ու փայտ։ Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։