ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 61
Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, Վասն զի Տէրը զիս օծեց Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն՝ ազատութիւն Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
2 Տէրոջը՝ ընդունելի տարին Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, Բոլոր սգաւորները մխիթարելու,
3 Սիօնի սգաւորները որոշելու Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք, Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ, Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։ Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ, Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
4 Հին աւերակները պիտի շինեն, Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, Աւերուած քաղաքները Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։
5 Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։ Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։
6 Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ, Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։ Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։
7 Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւն Եւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք, Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։ Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։
8 Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ. Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։
9 Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ, Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին, Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան, Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։
10 Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ Ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ. Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց, Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց Փեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէ Ու հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։
11 Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ, Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։