ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 35
Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան Եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։
2 Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի Եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։ Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը, Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը. Անոնք Տէրոջը փառքը, Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն։
3 Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։
4 Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
5 Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
6 Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, Քանզի անապատին մէջ ջուրեր Ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։
7 Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ Ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ Եւ չագալներուն պառկած բնակարանը Եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ։
8 Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ Ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։ Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ, Որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։
9 Հոն առիւծ պիտի չըլլայ Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ Եւ հոն պիտի չգտնուի, Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։
10 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Երգով Սիօն պիտի գան Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։