ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 6
Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։
2 Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։
3 Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ՛ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։
4 Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։
5 Եւ ըսի. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։
6 Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։
7 Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։
8 Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։
9 Այն ատեն ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։
10 Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ, Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։
11 Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով Եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ
12 Ու մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը Ու երկրին մէջ մեծ ամայութիւն ըլլայ։
13 Անոր մէջ դեռ մէկ տասներորդ մասը պիտի գտնուի, Բայց այն ալ դարձեալ պիտի սպառի. Ինչպէս բեւեկնին ու կաղնին կտրուելով՝ անոնց բունը կը մնայ»։ Այսպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ։