ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 63
Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն, Կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն, Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ։ «Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ»։
2 Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։
3 «Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։ Զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։ Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի,
4 Քանզի իմ սրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը Ու իմ փրկուած տարիս հասած էր։
5 Նայեցայ, բայց օգնող չկար։ Զարմացայ, որ ձեռնտու եղող մը չկար, Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ։
6 Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս գինովցուցի Եւ անոնց արիւնը գետինը թափեցի։
7 Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ՝ Տէրոջը բոլոր մեզի շնորհածներուն համեմատ Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ Որոնք իր գթութիւնովը եւ առատ ողորմութիւնովը Իսրայէլի տանը ըրած է։
8 Քանզի ըսաւ. «Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են, Սուտ չելլելու որդիներ են»։ Անիկա անոնց փրկիչ եղաւ,
9 Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց, Իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց, Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց։ Զանոնք վերցուց ու անցեալ օրերուն մէջ զանոնք կրեց։
10 Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին։ Անիկա ալ անոնց թշնամի դարձաւ Ու ինք անոնց հետ պատերազմ ըրաւ։
11 Այն ատեն յիշեցին հին օրերը՝ Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը։ Ո՞ւր է անիկա, որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց, Ո՞ւր է անիկա, որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ,
12 Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսին աջ ձեռքին հետ պտըտցուց, Իրեն յաւիտենական անուն վաստկելու համար Անոնց առջեւէն ջուրերը պատռեց
13 Զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց, Ինչպէս ձի մը անապատէն կ’անցնի։
14 Տէրոջը Հոգին զանիկա հանգստացուց, Հովիտը իջնող անասուններու պէս։ Դուն քու ժողովուրդիդ առաջնորդութիւն ըրիր, Որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս։
15 Երկնքէն նայէ՛, Քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տե՛ս։ Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ։ Քու աղիքներուդ գալարուիլը եւ ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն։
16 Քանզի մեր Հայրը դուն ես, Թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր Ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես Ու սկիզբէն քու անունդ մեր Փրկիչն է։
17 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։ Քու ծառաներուդ սիրոյն համար, Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն դարձիր։
18 Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին։ Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին։
19 Մենք այնպէս եղանք, Որպէս թէ դուն մեր վրայ չէիր տիրեր Եւ քու անունդ մեր վրայ չէր կանչուեր։