ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 60
Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։
2 Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։
3 Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։
4 Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։
5 Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
6 Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։
7 Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։ Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։ Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։
8 Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս Ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։
9 Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ Եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն, Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։
10 Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն, Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։
11 Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը Եւ անոնց թագաւորները բերուին։
12 Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին Ու բոլորովին պիտի կործանին։
13 Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝ Իմ սրբարանս զարդարելու համար։ Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։
14 Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները Ծռելով քեզի պիտի գան։ Բոլոր քեզ անարգողները Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։ Քեզ Տէրոջը քաղաքը, Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։
15 Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, Քեզ՝ յաւիտենական փառք Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։
16 Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։
17 Պղնձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, Երկաթի տեղ՝ արծաթ, Փայտերու տեղ՝ պղինձ, Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։
18 Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։
19 Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։
20 Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։
21 Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
22 Քիչուորը՝ հազարաւոր Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։