ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 25
Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ. Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր, Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։
2 Քանզի քաղաքը հողակոյտ Ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր, Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝ Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։
3 Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։
4 Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։
5 Օտարականներուն աղաղակը Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։ Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ, Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեանը ձայնը պիտի ցածնայ։
6 Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու Ու զտուած հին գինիներու կոչունք։
7 Այս լերան վրայ Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը Ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։
8 Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ Ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
9 Ու այն օրը պիտի ըսեն. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք. Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։
10 Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի, Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։
11 Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ, Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։ Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։
12 Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ Ու գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։