ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 10

Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն Եւ այն դպիրներուն, որոնք անօրէնութիւն կը գրեն,
2 Որպէս զի աղքատներուն դատը խոտորեն Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն. Որպէս զի որբեւարիները իրենց աւար ըլլան Ու իրենք որբերը կողոպտեն։
3 Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը Եւ հեռուէն գալու կործանման ատենը։ Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։
4 Առանց ինծի գերիներուն մէջ պիտի ծռին Ու սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
5 Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ Եւ որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է։
6 Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ Ու հրաման պիտի տամ անոր այն ժողովուրդին դէմ, որուն սրդողած եմ, Որ հաւաքէ ու յափշտակութիւն ընէ Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ։
7 Բայց անիկա այնպէս չի մտածեր Ու սրտովը այնպէս չի խորհիր. Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ։
8 Վասն զի կ’ըսէ. «Միթէ իմ իշխաններս ամէնքն ալ թագաւորներ չե՞ն.
9 Քաղանէն Քարքամիսին պէս չէ՞. Եմաթը Արփաթին պէս չէ՞. Սամարիան Դամասկոսին պէս չէ՞։
10 Իմ ձեռքս տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն, Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին։
11 Միթէ Սամարիային ու անոր կուռքերուն ըրածիս պէս, Երուսաղէմին ու անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ»։
12 Երբ Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ իր գործը կատարէ, Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի պատժեմ։
13 Քանզի անիկա կ’ըսէ. «Ես իմ ձեռքիս ուժովը Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա, Որովհետեւ ես խելացի եմ։ Ազգերուն սահմանները վերցուցի Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի։
14 Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ Եւ բոլոր երկիրը հաւաքեցի, Ինչպէս մէկը կը հաւաքէ թողուած հաւկիթները Եւ շարժող կամ բերան բացող Կամ ճիչ հանող մը չեղաւ»։
15 Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ. Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ։ Ասիկա այսպէս է՝ որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ։
16 Անոր համար Տէրը զօրքերու Տէրը Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ Բոցավառ հրդեհի պէս։
17 Իսրայէլի Լոյսը՝ կրակ Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ։ Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը Այրելով պիտի սպառէ
18 Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը, Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ Եւ ան մարող հիւանդի՝ ՝ պէս պիտի ըլլայ։
19 Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, Այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել։ ՈՄԱՆՔ ԵՏ ՊԻՏԻ ԳԱՆ
20 Այն օրը, Իսրայէլին մնացորդը Ու Յակոբին տանը ազատուածները, Անգամ մըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին. Հապա ճշմարտութեամբ՝ Տէրոջը՝ Իսրայէլի Սուրբին պիտի ապաւինին։
21 Մնացորդը՝ Յակոբին մնացորդը, Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ։
22 Վասն զի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ, Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ։ Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի։
23 Քանզի զօրքերուն Տէր Եհովան՝ բոլոր երկրին մէջ Նախասահմանեալ աւերումը պիտի գործադրէ։
24 Անոր համար զօրքերուն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ո՛վ Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդ, Ասորեստանցիէն մի՛ վախնար։ Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ Եգիպտացիներուն նման՝ ՝։
25 Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադրի Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ։
26 Զօրքերուն Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ, Օրէբի վէմին քով Մադիամի հարուածին պէս։ Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ, Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ։
27 Այն օրը անոր բեռը քու կռնակէդ Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ Եւ լուծը գիրութեան պատճառով պիտի կոտրի»։
28 Անգէն քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ Ու իր կահ կարասիները Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։
29 Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջեւան ըրին։ Ռաման վախցաւ, Սաւուղին Գաբաան փախաւ։
30 Ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր, Լայիսին լսել տուր, ո՛վ խեղճ Անաթովթ՝ ՝։
31 Մադմենան հեռացաւ, Գեբեմին բնակիչները փախան։
32 Տակաւին այսօր Նոբին մէջ պիտի կենայ, Դէպի Սիօնին աղջկան լեռը, Երուսաղէմին բլուրը, Ձեռքը պիտի շարժէ։
33 Ահա զօրքերու Տէր՝ Եհովան Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին Ու բարձրերը պիտի ցածնան։
34 Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։