ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 55
«Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք. Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի Գինի ու կաթ ծախու առէք։
2 Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ. Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։
3 Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք. Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։ Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ, Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով։
4 Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։
5 Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչես Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն Քու Տէր Աստուծոյդ համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։
6 Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։
7 Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի Եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր Ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։
8 Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն Ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ’ըսէ Տէրը։
9 Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են Եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։
10 Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան,
11 Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։
12 Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։ Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
13 Թուփին տեղ մայրի Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։ Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։