ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 34
Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք. Երկիրն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները թող մտիկ ընեն։
2 Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։ Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։
3 Անոնց սպաննուածները պիտի նետուին Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։ Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին,
4 Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝ Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։
5 Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։ Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ Դատաստան ընելու պիտի իջնէ։
6 Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած է Ու ճարպով իւղոտուած է՝ Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովը Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը, Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։
7 Անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետ Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,
8 Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը Ու Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։
9 Անոր գետերը՝ ձիւթի Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։ Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ,
10 Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի. Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։ Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։
11 Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։ Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։ Անոր վրայ դատարկութեան լարը Եւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։
12 Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն, Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։ Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։
13 Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։ Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին. Չագալներու՝ բնակարան, Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։
14 Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին, Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։ Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։
15 Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։ Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։
16 Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք. Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի, Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ, Վասն զի իր բերանը հրամայեր է Ու իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։
17 Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։ Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն, Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։