ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 6

Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէ՛ք Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուեցէ՛ք, Բեթաքարմայի վրայ նշա՛ն վերցուցէ՛ք, Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երեւնայ։
2 Սիօնին աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի։
3 Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան, Անոր շուրջը վրաններ պիտի կանգնեցնեն։ Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ։
4 «Անոր վրայ պատերազմ պատրաստեցէք. Ելէ՛ք ու կէսօրին ելենք. Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ՛անցնի Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան»։
5 «Ելէ՛ք ու գիշերով ելլենք Եւ անոր բերդերը կործանենք»։
6 Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ծառեր կտրեցէ՛ք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանցնեցուցէ՛ք։ Ասիկա պատժուելու արժանի քաղաք մըն է, Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է։
7 Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխեցնէ, Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխեցնէ։ Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը տեսնուի, Իմ առջեւս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան։
8 Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛, Չըլլա՛յ թէ իմ հոգիս քեզմէ զատուի. Չըլլա՛յ թէ քեզ աւերակ եւ անբնակ երկիր մը դարձնեմ»։
9 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն. Քու ձեռքդ՝ կթողի պէս կողովներուն դարձուր»։
10 Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ, որ լսեն։ Ահա անոնց ականջները անթլփատ են Եւ չեն կրնար մտիկ ընել։ Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջեւ անարգուեցաւ, Անկէ չեն ախորժիր։
11 Սակայն Ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ, Ինքզինքս զսպելէն յոգնեցայ։ «Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ Ու նաեւ երիտասարդներուն ժողովին վրայ. Քանզի այր ու կին մարդը, Ծերն ու տարիքը առածը պիտի բռնուին։
12 Եւ անոնց տուները, ագարակներն ու կիները մէկտեղ Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին։ Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
13 «Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան Ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
14 Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։
15 Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ՛ամչնա՞ն։ Բնաւ չեն ամչնար Ու պատկառիլ չեն գիտեր։ Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան, Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
16 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ճամբաներու վրայ կայնեցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք, Թէ ո՞րն է բարի ճամբան Ու անոր մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստը գտնէք. Բայց անոնք ըսին. ‘Անոր մէջէն պիտի չքալենք’։
17 Ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով. ‘Փողին ձայնին մտիկ ըրէք’. Բայց անոնք ըսին. ‘Մտիկ պիտի չընենք’։
18 Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք. Ո՛վ ժողովուրդ, անոնց մէջ եղած բանը գիտցի՛ր։
19 Լսէ՛, ո՛վ երկիր, Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ՝ չարիք պիտի բերեմ Իբր անոնց խորհուրդներուն պտուղը, Վասն զի իմ խօսքերուս մտիկ չըրին Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։
20 Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ Ու հեռաւոր երկրէ՝ անուշահոտ խունկեղէգն։ Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։
21 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչեր պիտի դնեմ Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին. Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին’»։
22 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ։
23 Անոնք աղեղ եւ նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ, Անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմիկի պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ դուստր Սիօնի»։
24 Անոր լուրը լսեցինք, Ձեռքերնիս թուլցան Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին՝ Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
25 Արտերը մի՛ ելլէք ու ճամբաները մի՛ պտըտիք. Վասն զի չորս կողմը թշնամիի սուրն ու վախը կայ։
26 Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քո՛ւրձ հագիր Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ Ու խիստ դառն ողբով լաց, Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան, Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ։
27 «Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ փորձիչ կարգեցի իբր բերդ, Որպես զի անոնց ճամբան գիտնաս եւ փորձես։
28 Ամէնքը կամակոր ապստամբներ են, Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են. Ամէնքը ապականած են։
29 Փքոցը այրեցաւ, Կապարը կրակէն հատաւ. Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի, Վասն զի չարերը չվտարուեցան։
30 Անոնք Անպիտան արծաթ պիտի կոչուին, Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց»։