ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 16
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Քեզի կին մի՛ առներ։ Այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ մի՛ ունենար,
3 Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն ու հայրերուն համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
4 ‘Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի ու անոնք պիտի չթաղուին։ Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։ Սուրով ու սովով պիտի հատնին։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան’»։
5 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուգի տուն մի՛ մտներ ու լալու մի՛ երթար, Անոնց համար մի՛ ողբար, Վասն զի այս ժողովուրդէն վերցուցի իմ խաղաղութիւնս, Ողորմութիւնս ու գթութիւնս։
6 Այս երկրին մեծերն ու պզտիկները Պիտի մեռնին եւ պիտի չթաղուին, Անոնց համար սուգ պիտի չընեն, Իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն, Անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետտեն,
7 Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար Սուգի հաց պիտի չբաժնեն, Անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն։
8 Կոչունքի տուն ալ մի՛ մտներ, Որ անոնց հետ նստիս ուտելու եւ խմելու համար»։
9 Վասն զի զօրքերուն Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջեւէն ու ձեր օրերուն մէջ Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ։
10 Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին ըսես եւ անոնք քեզի հարցնեն՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքին վրայ խօսեցաւ Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը, Որ մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք’,
11 Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը Եւ ուրիշ աստուածներու ետեւէ գացին, Անոնց ծառայութիւն ըրին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին. Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին։
12 Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք, Ինծի մտիկ չընելով՝ Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն գնաց։
13 Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի փոխադրեմ Այնպիսի երկիր մը, որ չէք ճանչնար Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք, Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ’»։
14 «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
15 Բայց ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսային երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էր’. Քանզի զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը, Որ իրենց հայրերուն տուած էի»։
16 «Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք որսան։ Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, Որ զանոնք ամէն լերան վրայէն Եւ ամէն բլուրի վրայէն Ու վէմերուն ծակերէն որսան։
17 Վասն զի իմ աչքերս անոնց բոլոր ճամբաներուն վրայ են. Իմ երեսէս ծածկուած չեն, Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։
18 Նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, Քանի որ իմ երկիրս պղծեցին Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիակներովը Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին»։
19 Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ բերդս Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը, Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան Ու պիտի ըսեն. «Իրաւցընէ մեր հայրերը ստութիւն, Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին։
20 Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել»։ Ու անոնք աստուածներ չեն։
21 «Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ, Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։