ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 21
Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով.
2 «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա մեզմէ դառնայ՝ ՝»։
3 Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
4 ‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։
5 Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։
6 Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։
7 Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։
8 «Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։
9 Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։
10 Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’»։
11 «Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք.
12 Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։
13 «Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’.
14 Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։