ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 25

Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային եղած խօսքն է,
2 Որ Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ.
3 «Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային տասնըերեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսանըերեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։
4 Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չբացիք,
5 Որոնք կ’ըսէին. ‘Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք, որպէս զի յաւիտեան բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ
6 Եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ’։
7 ‘Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք ու ձեզի գէշ ըլլայ’։
8 «Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
9 Որովհետեւ իմ խօսերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ։
10 Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։
11 Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։
12 «Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։
13 Այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիային բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները։
14 Քանզի շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանոնք իրենց ծառայ պիտի ընեն ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։
15 Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։
16 Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։
17 Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց.
18 Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն եւ անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայի, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ.
19 Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն ու իշխաններուն ու անոր բոլոր ժողովուրդին
20 Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն ու Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն Ասկաղոնի, Գազայի ու Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին.
21 Եդովմի ու Մովաբի ու Ամմոնի որդիներուն
22 Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն եւ ծովուն անդիի կողմը եղող կղզիներու թագաւորներուն.
23 Դեդանի ու Թեմայի եւ Բուզի ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն
24 Եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներուն ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն
25 Եւ Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարերու բոլոր թագաւորներուն
26 Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն խմցուցի։ Անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։
27 Ու անոնց ըսի. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք’»։
28 «Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անշուշտ պիտի խմէք’.
29 Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
30 Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ. ‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ. Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ, Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։
31 Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի, Վասն զի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի. Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։
32 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։
33 Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’։
34 «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։
35 Հովիւներուն փախչելու ճամբան Եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։
36 Հովիւներուն աղաղակին ձայնը Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք, Վասն զի Տէրը անոնց արօտները աւերեց։
37 Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։
38 Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց, Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն Անոնց երկիրը ամայացաւ»։