ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 42

Բոլոր զօրավարները ու Կարէին որդին Յօհանան եւ Ովսիային որդին Յեզոնիան ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան։
2 Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Մեր խնդրանքները քու առջեւդ ընդունելի ըլլան ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ՛. վասն զի շատ քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն
3 Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելիքը մեզի թող իմացնէ»։
4 Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ’ընեմ ձեր խօսքերուն համաձայն եւ Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնեմ. ձեզմէ բան մը պիտի չպահեմ»։
5 Անոնք Երեմիային ըսին. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ,
6 Թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։
7 Տասը օր ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային։
8 Ան Կարէին որդին Յօհանան եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրավարներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց
9 Ու անոնց ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ’ըսէ.
10 ‘Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ եւ ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի։
11 Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ
12 Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ եւ անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ձեզ ձեր երկիրը պիտի դարձնէ’։
13 Բայց եթէ ըսէք՝ ‘Այս երկրին մէջ չենք բնակիր’ ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չընելով՝
14 Ըսէք. ‘Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար անօթի պիտի չմնանք ու հոն պիտի բնակինք’,
15 Այն ատեն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդ, զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ դուք ձեր երեսները շտկէք դէպի Եգիպտոս ու հոն պանդխտանալու երթաք,
16 Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ եւ այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեզ պիտի պաշարէ ու հոն պիտի մեռնիք։
17 Այն մարդիկը, որոնք իրենց երեսները կը շտկեն դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին ու իմ անոնց վրայ բերելիք չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ’։
18 Վասն զի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափուի իմ սրտմտութիւնս, երբ Եգիպտոս մտնէք եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք ու ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։
19 Ո՛վ Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք’ ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք, որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ’ընեմ։
20 Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛ ու մեր Տէր Աստուծոյն ըսած ամէն խօսք մեզի պատմէ ու պիտի ընենք»։
21 Ես այսօր ձեզի պատմեցի ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին ու այն ամէն խօսքերուն, որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։
22 Հիմա աղէկ գիտցէք, որ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կ’ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար։