ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 23

«Վա՜յ այն հովիւներուն, Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն», կ’ըսէ Տէրը։
2 Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Այն հովիւներուն՝ որ իր ժողովուրդը կը հովուեն. «Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիք Եւ անոնց հոգ չտարիք։ Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համար Ձեզ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը։
3 Ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմ Այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի։ Զանոնք իրենց փարախները պիտի դարձնեմ, Ուր պիտի աճին ու շատնան։
4 Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին Ու պիտի չպակսին», կ’ըսէ Տէրը։
5 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Դաւիթէն արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի հանեմ, Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ, Իմաստութեամբ պիտի վարուի Ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։
6 Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատի Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։ Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի. ‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։
7 «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
8 Հապա՝ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք քշեր էր’ Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին»։
9 Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի. Բոլոր ոսկորներս կը դողան. Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէն Գինով մարդու պէս Եւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ։
10 Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է, Եւ անէծքի պատճառով երկիրը սուգ կը բռնէ։ Անմշակ արօտները չորցան, Որովհետեւ անոնք չար ճամբէ կ’ընթանան Եւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ։
11 «Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան պղծուեցան, Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ», կ’ըսէ Տէրը։
12 «Անոր համար անոնց ճամբաները Խաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց, Անոնք պիտի սահին ու պիտի իյնան. Վասն զի ես պատուհասի տարին Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ», կ’ըսէ Տէրը։
13 «Սամարիայի մարգարէներուն մէջ Անզգամութիւն տեսայ. Բահաղի անունով կը մարգարէանան Եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ կը մոլորեցնեն։
14 Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. Անոնք շնութիւն կընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն, Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, Որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն. Անոնք ինծի Սոդոմի պէս Ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։
15 Ասոր համար զօրքերու Տէրը մարգարէներուն համար այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ Եւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ, Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ Ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ»։
16 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեզի մարգարէութիւն ընողներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք. Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ, Իրենց սրտին տեսիլքը կը խոսին, Ո՛չ թէ Տէրոջը բերնէն»։
17 «Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն, Տէրը ըսաւ. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ քալողներուն կ’ըսեն՝ ‘Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ’»։
18 Անոնցմէ ո՞վ կայնեցաւ Տէրոջը խորհուրդին մէջ, Ո՞վ իմացաւ ու անոր խօսքը լսեց։ Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ։
19 Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ. Անիկա սաստիկ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի։
20 Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ։ Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք։
21 «Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն։ Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։
22 Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային, Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէին Եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն Ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին»։
23 «Միթէ ես մօտէ՞ն Աստուած եմ Ու հեռուէն Աստուած չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։
24 «Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ, Որ ես զանիկա չտեսնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։
25 «Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի, Որոնք կ’ըսեն. ‘Երազ տեսայ, երազ տեսայ’։
26 Մինչեւ ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ, Որոնք իրենց սրտին նենգութիւններով կը մարգարէանան։
27 Անոնք իրենց երազներովը, որոնք իրարու կը պատմեն, Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին, Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։
28 Երազ տեսնող մարգարէն թող երազ պատմէ, Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս յայտնէ. «Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է», կ’ըսէ Տէրը։
29 «Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը, Կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞»։
30 «Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան»։
31 «Ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն՝ ‘Անիկա ըսաւ’»։
32 «Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Իրենց ստութիւններովն ու սնապարծութիւնովը։ Ես զանոնք չղրկեցի եւ անոնց չպատուիրեցի։ Անոնք այս ժողովուրդին ամենեւին օգուտ մը պիտի չընեն», կ’ըսէ Տէրը։
33 Երբ այս ժողովուրդէն մէկը՝ Կամ մարգարէ մը կամ քահանայ մը Քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը բեռը ի՞նչ է’, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Դուք էք Տէրոջը բեռը’։ «Ես ձեզ անշուշտ պիտի լքեմ», կ’ըսէ Տէրը։
34 «Այն մարգարէն կամ քահանան, կամ ժողովուրդը, Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ, Այն մարդը ու անոր տունը պիտի պատժեմ», կ’ըսէ Տէրը։
35 Ամէն մարդ իր ընկերին Ու ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս պէտք է ըսէ. «Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
36 Ու ա՛լ Տէրոջը բեռը մի՛ յիշէք. Վասն զի ամէն մարդու բեռ իր խօսքը պիտի ըլլայ. Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն, Զօրքերու Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք։
37 Մարգարէին այսպէս պէտք է ըսէք. «Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
38 Բայց եթէ ‘Տէրոջը բեռը’ կ’ըսէք, Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ այս խօսքը, այսինքն ‘Տէրոջը բեռը’, կ’ըսէք, Թէեւ ես ձեզի լուր ղրկեցի ու ըսի՝ ‘Տէրոջը բեռը’ մի՛ ըսէք,
39 Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ Ու երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւ Այն քաղաքը, որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի։
40 Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք Ու յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ, Որ պիտի չմոռցուի»։