ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 34
Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ’ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ.
2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։
3 Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։
4 Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս,
5 Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ» ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6 Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։
7 Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։
8 Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն,
9 Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։
10 Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին.
11 Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13 «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի.
14 Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։
15 Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է.
16 Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։
17 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։
18 Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ,
19 Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան,
20 Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։
21 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։
22 «Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։