ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 52
Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։
2 Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ.
3 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։
4 Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին
5 Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։
6 Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր
7 Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։
8 Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։
9 Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։
10 Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց
11 Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։
12 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ
13 Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։
14 Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։
15 Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։
16 Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։
17 Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։
18 Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։
19 Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։
20 Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները՝ ՝, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։
21 Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։
22 Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։
23 Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։
24 Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ
25 Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին առջեւ կեցողներէն՝ ՝ եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։
26 Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։
27 Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։
28 Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ.
29 Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի.
30 Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։
31 Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։
32 Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ.
33 Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ’ուտէր։
34 Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։