ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 3
«Եթէ մարդ մը իր կինը արձակէ Եւ կինը անոր քովէն երթայ եւ ուրիշ այր մը առնէ, Անգամ մըն ալ այն կնոջ կը դառնա՞յ։ Այն երկիրը բոլորովին չի՞ պղծուիր։ Բայց դո՛ւն, թէեւ շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր, Նորէն ինծի դարձիր, կ’ըսէ Տէրը։
2 Աչքերդ բլուրներուն վերցո՛ւր ու նայէ՛, Ո՞ւր պոռնկութիւն չըրիր։ Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար՝ Անապատի Արաբացիին պէս Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութիւններովդ երկիրը պղծեցիր։
3 Ուստի անձրեւները խափանուեցան Ու վերջին անձրեւը չեկաւ։ Քու ճակատդ պոռնիկի ճակատի պէս եղաւ, Ամօթը մէկդի ձգեցիր։
4 Միթէ ասկէ ետքը ինծի պիտի չաղաղակե՞ս՝ ըսելով. ‘Ո՛վ Հայր իմ, դուն ես իմ մանկութեանս առաջնորդը’։
5 Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞յ, Կամ իր սրտմտութիւնը միշտ պիտի պահէ՞։ Ահա դուն այսպէս խօսեցար Եւ քու կրցածիդ չափ չարութիւն գործեցիր»։
6 Յովսիա թագաւորին օրերը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ապստամբ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր. Անիկա ամէն բարձր լերան վրայ Ու ամէն կանանչ ծառի տակ գնաց Եւ հոն շնութիւն ըրաւ։
7 Անիկա այս բոլոր բաները ընելէն ետքը Ըսի. ‘Ինծի դարձիր’, բայց անիկա չդարձաւ Եւ անոր ուխտադրուժ քոյրը՝ Յուդան՝ ասիկա տեսաւ։
8 Երբ ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով Զանիկա արձակեցի եւ արձակման թուղթը անոր տուի, Տեսայ թէ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան չվախցաւ, Հապա գնաց ինք ալ շնութիւն ըրաւ։
9 Անիկա իր շնութեան լրբութիւնովը երկիրը պղծեց, Քանզի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ։
10 Բայց եւ այնպէս անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան ալ Բոլոր սրտովը ինծի չդարձաւ, Հապա ստութեամբ դարձաւ», կ՛ըսէ Տէրը։
11 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ապստամբ Իսրայէլը ուխտադրուժ Յուդայէն աւելի զինք արդարացուց։
12 Գնա՛, այս խօսքերը դէպի հիւսիս կանչելով ըսէ՛. ‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. Քանզի ես ողորմած եմ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր.
13 Միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր, Որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար։ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր Ու իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիր’, կ’ըսէ Տէրը։
14 ‘Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ’, կ’ըսէ Տէրը։ Քանզի թէեւ ձեզ մերժեցի, Բայց՝ ՝ ձեզ պիտի առնեմ, ամէն մէկ քաղաքէ մէկ հոգի, Ամէն մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ։
15 Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, Որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն’։
16 ‘Երբ դուք այն օրերը երկրի վրայ շատնաք ու աճիք’, կ’ըսէ Տէրը, Անգամ մըն ալ ‘Տէրոջը ուխտին տապանակը’ պիտի չըսեն։ Անիկա մէկո՛ւն միտքը պիտի չգայ Ու զանիկա պիտի չյիշեն, Անոր այցելութիւն պիտի չընեն. Այս բաները անգամ մըն ալ պիտի չըլլան։
17 Այն ատեն Երուսաղէմը ‘Տէրոջը աթոռը’ պիտի անուանեն Եւ բոլոր ազգերը հոն՝ Տէրոջը անուանը համար Երուսաղէմ պիտի հաւաքուին. Անգամ մըն ալ իրենց չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն պիտի չերթան։
18 Այն օրերը Յուդային տունը Իսրայէլին տանը հետ պիտի միանայ Ու երկուքը մէկտեղ հիւսիսի երկրէն Անոնց հայրերուն ժառանգութիւն տուած երկիրս պիտի գան’։
19 Բայց ես ըսի. ‘Քեզ ի՞նչպէս որդիներուն մէջ դնեմ Եւ քեզի այն ցանկալի երկիրը, Ազգերուն խիստ գեղեցիկ ժառանգութիւնը տամ’ Ու ըսի. ‘Ինծի «Հայր իմ» պիտի աղաղակես Եւ ինծի հետեւելէն ետ պիտի չդառնաս’։
20 ‘Իրաւցընէ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ, Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք’, կ’ըսէ Տէրը։
21 Բլուրներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ, Իսրայէլի որդիներուն աղաչանքի ու լացի ձայնը. Վասն զի անոնք իրենց ճամբան խոտորցուցին, Իրենց Տէր Աստուածը մոռցան։
22 «Ո՛վ ապստամբ որդիներ, դարձէ՛ք, Ես ձեր ապստամբութիւնները պիտի բժշկեմ»։ «Ահա մենք քեզի կու գանք, Քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես։
23 Յիրաւի բլուրներու Եւ լեռներու բազմութեան յուսալը պարապ բան է. Հապա Իսրայէլի փրկութիւնը մեր Տէր Աստուծմէն է։
24 Վասն զի մեր մանկութենէն ի վեր մեր հայրերուն վաստակը, Անոնց հօտերը եւ արջառները, Անոնց տղաքներն ու աղջիկները ամօթը կերաւ։
25 Մեր ամօթովը կը պառկինք Ու մեր անարգանքը մեզ կը ծածկէ. Վասն զի մեր մանկութենէն մինչեւ այսօր Թէ՛ մենք եւ թէ՛ մեր հայրերը Մեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք Ու մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդութիւն չըրինք»։