ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 40
Այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիային ըսաւ, Նաբուզարդան դահճապետին զանիկա Ռամայէն արձակելէն ետքը (երբ Բաբելոն տարուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ զանիկա ալ շղթաներով կապած առեր էր)։
2 Դահճապետը Երեմիան առնելով՝ անոր ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այս տեղին վրայ այս չարիքին մասին խօսած էր։
3 Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։
4 Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ’երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա։
5 Ուստի կա՛մ Բաբելոնի թագաւորին Յուդայի քաղաքներուն վրայ դրած Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դեռ ետ չդարձած՝ անոր գնա՛ ու անոր հետ ժողովուրդին մէջ բնակէ՛ եւ կա՛մ ուր որ քեզի աղէկ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա»։ Դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց։
6 Երեմիան Մասփա գնաց Աքիկամին որդիին Գոդողիային եւ անոր հետ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
7 Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրավարները, իրենք ու իրենց մարդիկը լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամին որդին Գոդողիան երկրին վրայ վերակացու դրաւ եւ Բաբելոն չքշուած մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու երկրին աղքատները անոր յանձնեց,
8 Մասփա եկան Գոդողիային, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլը ու Կարէին որդիները, Յօհանան ու Յովնաթան եւ Թանհումէթին որդին Սարայիան ու Նետոփաթացի Եփային որդիները ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։
9 Եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիներու ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ։
10 Ես ահա Մասփայի մէջ կը բնակիմ, որպէս զի մեզի եկող Քաղդէացիներուն առջեւ կենամ ու դուք գինի եւ ամառնային պտուղ ու իւղ հաւաքեցէք ու ձեր ամաններուն մէջ դրէք եւ ձեռքերնուդ տակ եղած քաղաքներուն մէջ բնակեցէ՛ք»։
11 Մովաբի, Ամմոնին որդիներուն, Եդովմի եւ այլ երկիրներու մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է ու անոնց վրայ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դրեր է,
12 Բոլորն ալ իրենց ցրուած տեղերէն դարձան ու Յուդայի երկիրը Մասփա՝ Գոդողիային եկան եւ խիստ շատ գինի ու ամառնային պտուղներ հաւաքեցին։
13 Կարէին որդին Յօհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրավարները Մասփա եկան Գոդողիային
14 Ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Բաալիս՝ Նաթանիային որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց չհաւատաց։
15 Կարէին որդին Յօհանան Մասփայի մէջ Գոդողիային հետ գաղտուկ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հիմա երթամ ու Նաթանիային որդին Իսմայէլը զարնեմ։ Թող մարդ չիմանայ։ Ինչո՞ւ անիկա քեզ մեռցնէ ու քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։
16 Աքիկամի որդին Գոդողիան Կարէի որդիին Յօհանանին ըսաւ. «Այդ բանը մի՛ ըներ, վասն զի դուն Իսմայէլին մասին սուտ կը խօսիս»։