ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 26

Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին թագաւորութեանը սկիզբը՝ Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով.
2 «Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ՛ ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն յայտնէ՛ այն ամէն խօսքերը, որոնք քեզի պատուիրեցի անոնց ըսելու համար. խօսք մը զանց մի՛ առներ,
3 Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ»։
4 Անոնց ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չքալէք
5 Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ խօսքերուն մտիկ չընէք, որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի ու դուք մտիկ չըրիք,
6 Այն ատեն այս տունը Սելովին պէս պիտի ընեմ եւ այս քաղաքը երկրին բոլոր ազգերուն անէծք պիտի ընեմ’»։
7 Քահանաները եւ մարգարէներն ու բոլոր ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր։
8 Երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը, որոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին ըսելու, քահանաներն ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին. «Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս.
9 Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր՝ ըսելով. ‘Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ եւ հոն բնակիչ պիտի չմնայ’»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ հաւաքուեցաւ։
10 Երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան։
11 Քահանաները եւ մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։
12 Երեմիան բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը զիս ղրկեց, որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը ըսելով՝ մարգարէութիւն ընեմ։
13 Ուստի ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէք եւ ձեր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ըրէք եւ Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ։
14 Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երեւցածը ըրէ՛ք ինծի.
15 Սակայն աղէկ գիտցէ՛ք թէ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի իրապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։
16 Այն ատեն իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է»։
17 Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան եւ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով.
18 «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիան մարգարէութիւն ըրաւ եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի ու Երուսաղէմ աւերակներու դէզերու ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ»։
19 Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու բոլոր Յուդան զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով՝ Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ եւ Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։
20 Նաեւ Կարիաթարիմէն Սեմայիայի որդին Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ։
21 Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիան այս բանը լսելով՝ վախցաւ ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։
22 Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս եւ Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ։
23 Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին, ան ալ զանիկա սուրով զարկաւ ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։
24 Բայց Սափանի որդին Աքիկամին ձեռքը Երեմիային հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով՝ մեռցուի։