ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 35

Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2 «Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։
3 Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի
4 Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը.
5 Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։
6 Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք
7 Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։
8 Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր,
9 Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար.
10 Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։
11 Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
13 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։
14 Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։
15 Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։
16 Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։
17 Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։
18 Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք,
19 Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։