ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 49
Ամմոնին որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞. Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞. Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ։ Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։
2 Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ Եւ անոր գիւղերը կրակով պիտի այրին Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։
3 «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։ Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ, Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք. Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։
4 Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։ Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր Ու կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։
5 «Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քու վրադ վախ պիտի բերեմ Բոլորտիքդ եղողներէն Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով՝ պիտի ցրուիք Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։
6 Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ Պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
7 Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ. Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։
8 Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ, Վասն զի Եսաւին կորուստը Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։
9 Եթէ քեզի այգի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն. Եթէ գիշերով գողեր գային. Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։
10 Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի, Անոր ծածուկ տեղերը բացի, Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։ Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան Եւ ինք չկայ։
11 Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ Ու քու որբեւարիներդ թող ինծի ապաւինին»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն. Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։ Անպատիժ պիտի չմնաս, Հապա անպատճառ պիտի խմես։
13 Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։
14 Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ. «Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք Ու պատերազմի ելէ՛ք»։
15 Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։
16 Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին, Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բլուրներուն փակչող. Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։
17 «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ. Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։
18 Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը, «Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
19 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն. Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի՝ ՝ Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
20 Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք, Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։
21 Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի. Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։
22 Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։
23 Դամասկոսի վրայով։ «Եմաթ ու Արփաթ ամչցան, Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։ Ծովուն մէջ տառապանք կայ, Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։
24 Դամասկոս տկարացաւ, Սկսաւ փախչիլ, Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ. Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։
25 Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը Ու ուրախութեան քաղաքը։
26 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
27 Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։
28 Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք Եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.
29 Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին, Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին Ու անոնց պիտի ըսուի թէ ‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։
30 Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։
31 «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։
32 Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը
33 Եւ Հասորը չագալներու բնակարան, Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ. Հոն մարդ պիտի չնստի Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։
34 Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.
35 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եղամին աղեղը, Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։
36 Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ, Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։
37 Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։ Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։
38 Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։
39 Բայց վերջին օրերը Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։