ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 31

«Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։
2 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ, Երբ Իսրայէլ կ’երթար հանգստութիւն գտնելու՝ ՝»։
3 Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ՝ ըսելով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի՝ ՝։
4 Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։ Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։
5 Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։ Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
6 Վասն զի օր պիտի գայ, երբ Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն. ‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։
7 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք. Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։
8 Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը, Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։ Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։
9 Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ, Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին. Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։
10 «Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ’։
11 Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։
12 Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն, Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին Եւ հօտերուն ու արջառներուն։ Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։
13 Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ, Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։ Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։
14 Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։ Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։
15 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր, Վասն զի անոնք չկային»։
16 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու ձայնդ լալէն Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։ Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։
17 «Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը, Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։
18 «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի. ‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝ Լուծի չսորված զուարակի պէս. Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ, Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։
19 Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի. Ամչցայ ու նախատուեցայ, Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։
20 Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ, Շարունակ զանիկա կը յիշեմ. Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. ‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’ կ’ըսէ Տէրը։
21 Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛, Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։ Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս, Այս քու քաղաքներդ դարձիր։
22 Ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս, Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց, Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։
23 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝ Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ. ‘Տէրը քեզ օրհնէ, Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։
24 Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։
25 Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։
26 Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։
27 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։
28 Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար Անոնց վրայ հսկեցի, Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը։
29 Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն. ‘Հայրերը ազոխ կերան Ու որդիներուն ակռաները առին’.
30 Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի. Ով որ ազոխ ուտէ, Անոր ակռաները պիտի առնեն»։
31 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ Նոր ուխտ պիտի ընեմ,
32 Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, Ես ալ զանոնք մերժեցի՝ ՝», կ’ըսէ Տէրը.
33 Բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
34 Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’. Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։
35 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ, Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան. Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
36 «Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։
37 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ, Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը, Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։
38 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի
39 Եւ չափին լարը անկէ Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ
40 Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը, Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք, Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը. Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։