ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 32

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։
2 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։
3 Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ
4 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։
5 Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
6 Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
7 ‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ, որ ծախու առնես»։
8 Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։
9 «Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։
10 Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։
11 Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։
12 Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։
13 Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի.
14 ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։
15 Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։
16 Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի.
17 ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։
18 Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։
19 Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։
20 Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։
21 Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր
22 Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էին իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։
23 Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։
24 Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։
25 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։
26 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
27 «Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։
28 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ.
29 Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։
30 Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ’ըսէ Տէրը։
31 Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ,
32 Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։
33 Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին.
34 Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։
35 Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։
36 «Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ’ըսէք թէ ‘Սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’.
37 Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։
38 Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։
39 Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։
40 Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին։
41 Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։
42 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։
43 Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։
44 Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։