ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 2
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Գնա՛ ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անապատին մէջ՝ այն չցանուած երկրին մէջ՝ Իմ ետեւէս եկած ատենդ, Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը, Քու հարսնութեանդ սէրը յիշեցի։
3 Իսրայէլ Տէրոջը համար սուրբ էր, Անոր արմտիքներուն երախայրին էր։ Ամէն անոնք, որ զանիկա կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային. Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր’։
4 Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմներ,
5 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, Որ ինծմէ հեռացան Եւ ունայնութեան ետեւէ երթալով ունայն եղան
6 Ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Տէրը, Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, Որ մեզ անապատին մէջ պտըտցուց, Անցուց ամայութեան եւ փոսերու երկրէն, Չորութեան եւ մահուան ստուերի երկրէն, Այնպիսի երկրէ մը, ուրկէ մարդ չէր անցներ Ու հոն մարդ չէր բնակեր»։
7 Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի, Որպէս զի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք։ Դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքրեցիք, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք,
8 Քահանաները չըսին թէ ‘Տէրը ո՞ւր է’ Ու օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան Եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։ Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին Եւ անօգուտ բաներու ետեւէ գացին»։
9 «Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։
10 Արդ՝ Կիտացիներու կղզիները անցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկցէ՛ք Եւ տեսէք թէ՝ այսպիսի բան մը եղե՞ր է.
11 Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց, Թէեւ անոնք Աստուած չէին, Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը Անօգուտ բանի հետ փոխեց»։
12 «Ով երկինք, ասոր վրայ զարմացէ՛ք. Ապշեցէ՛ք ու խիստ սոսկացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
13 Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց, Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին Եւ իրենց գուբեր փորեցին, Ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել։
14 Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է, Կամ ծառայի զաւա՞կ է։ Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ.
15 Անոր վրայ առիւծի կորիւնները մռնչեցին Ու ձայներնին հանեցին, Անոր երկիրը աւերակ ըրին, Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։
16 «Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն տղաքներն անգամ Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին։
17 Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր Քու Տէր Աստուածդ ձգելով, Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր։
18 Հիմա դուն Եգիպտացիներուն ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս. Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ գետերուն ջուրը խմելու կ’երթաս։
19 Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ Ու քու անհաւատարմութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։ Արդ՝ գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է, Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ», Կ’ըսէ զօրքերու Եհովա Տէրը։
20 «Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի, Քու կապանքներդ փրցուցի Ու դուն ըսիր. ‘Օրինազանց պիտի չըլլամ’. Սակայն ամէն բան բարձր բլուրի վրայ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Ծռեցար՝ պոռնկութիւն ըրիր։
21 Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ Ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։
22 Եթէ բորակով լուացուիս Ու շատ օճառ ալ գործածես, Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
23 «Ի՞նչպէս կրնար ըսել. ‘Ես չպղծուեցայ, Բահաղին ետեւէն չգացի’։ Հովիտին մէջի քու ճամբուդ նայէ Եւ ըրածդ գիտցիր, Ո՛վ խոտորնակ ճամբաներ պտըտող յամառ տաճիկ ուղտ։
24 Անապատի վարժուած վայրենի էշը, Որ իր ցանկութիւնովը հովը կը հոտոտէ, Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել. Բոլոր զանիկա փնտռողները չեն յոգնիր, Իր ամսուան մէջ կը գտնեն զինք։
25 Զգուշացի՛ր, որ ոտքդ չմերկանայ եւ կոկորդդ չչորնայ, Բայց դուն ըսիր՝ ‘Յոյս չկայ, Վասն զի օտարները սիրեր եմ Ու անոնց ետեւէն պիտի երթամ’»։
26 Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ, Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը, Իրենք, իրենց թագաւորներն ու իշխանները Եւ քահանաներն ու մարգարէները,
27 Որոնք փայտին կ’ըսեն. ‘Դուն իմ հայրս ես’ Ու քարին՝ ‘Դուն զիս ծնար’, Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես. Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն. ‘Ելի՛ր ու մեզ ազատէ՛’։
28 Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։ Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն։ Վասն զի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։
29 «Ի՞նչու համար ինծի հետ կը վիճիք. Դուք ամէնքդ ինծմէ ապստամբեցաք», կ’ըսէ Տէրը։
30 «Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի։ Անոնք չխրատուեցան։ Ձեր սուրը գիշատիչ առիւծի պէս Ձեր մարգարէները կերաւ։
31 Ո՛վ ազգ, Տէրոջը խօսքին նայէ. Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի, Կամ մութ երկի՞ր մը։ Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կըսէ. ‘Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք, Անգամ մըն ալ քեզի պիտի չգանք’»։
32 Միթէ կոյսը իր զարդերը, Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ. Բայց իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ։
33 Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը շտկես, Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։
34 Նաեւ քու քղանցքներուդ վրայ Անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան։ Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ, Հապա բոլոր բաներուն վրայ։
35 Բայց դուն կ’ըսես. ‘Անմեղ ըլլալուս համար Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինծմէ պիտի դառնայ’։ Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ ‘Ես մեղք չգործեցի’ ըսելուդ համար։
36 Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս. Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս, Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։
37 Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած, Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս»։