ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 4
«Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը, Ինծի՛ եթէ դառնաս։ Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես, Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։
2 Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ Երդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’, Ազգերը անով պիտի օրհնուին Ու անով պիտի պարծենան»։
3 Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ. «Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզի Ու փուշերու մէջ մի՛ ցանէք։
4 Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը թլփատուեցէք Եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք, Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար Կրակի պէս բորբոքի ու այրէ եւ մարող մը չըլլայ»։
5 «Յուդայի մէջ պատմեցէ՛ք Ու Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէ՛ք ու ըսէ՛ք, Երկրի վրայ փո՛ղ հնչեցուցէք, Բարձրաձայն աղաղակեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքները մտէ՛ք’։
6 Դէպի Սիօն դրօշ վերցուցէ՛ք, Քաշուեցէ՛ք, մի՛ կայնիք. Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն։
7 Առիւծը իր որջէն ելաւ Եւ ազգերը ջարդողը տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ, Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ. Քաղաքներդ պիտի աւերուին Ու անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի։
8 Ասոր համար քուրձեր հագէ՛ք Եւ սուգ ընելով ողբացէ՛ք, Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ»։
9 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի. Քահանաները պիտի յիմարանան, Մարգարէները պիտի ապշին»։
10 Այն ատեն ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա, Արդարեւ դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր՝ ըսելով. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’. Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց հոգին հասաւ»։
11 Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի. «Այրող հով մը անապատին բլուրներէն կը փչէ Իմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ, Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։
12 Սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի։ Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ»։
13 Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէ Եւ անոր կառքերը՝ մրրիկի պէս։ Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են։ Վա՜յ մեզի, որ կ’աւերուինք։
14 Ո՛վ Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա՛, Որպէս զի փրկութիւն գտնես։ Քու չար խորհուրդներդ մինչեւ ե՞րբ սրտիդ մէջ պիտի մնան։
15 Վասն զի ձայն մը Դանէն լուր կը բերէ Ու Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ։
16 Ասիկա ազգերուն յիշեցուցէք, Եւ Երուսաղէմին իմացուցէ՛ք, «Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն։
17 Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն, Վասն զի անիկա ինծմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը։
18 Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ. Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է. Որովհետեւ մինչեւ քու սիրտդ հասաւ»։
19 «Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ. Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել. Քանզի դուն, ո՛վ իմ անձս, փողին ձայնը Եւ պատերազմին աղաղակը լսեցիր։
20 Կոտորած կոտորածի կը հետեւի, Վասն զի բոլոր երկիրը կործանուեցաւ. Վրաններս յանկարծակի Ու խորաններս մէկէն կործանուեցան.
21 Մինչեւ ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմ Եւ փողին ձայնը պիտի լսեմ։
22 Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան. Անոնք անմիտ զաւակներ են, Անոնց քով հանճար չկայ. Անոնք չարութիւն ընելու համար իմաստուն են, Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր»։
23 Երկրին նայեցայ եւ ահա անձեւ ու պարապ էր. Երկնքին նայեցայ ու լոյս չունէր։
24 Լեռներուն նայեցայ եւ ահա կը դողային Ու բոլոր բլուրները կը սարսէին։
25 Նայեցայ եւ ահա մարդ չկար Ու երկնքին բոլոր թռչունները փախած էին։
26 Նայեցայ եւ ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էր Ու բոլոր քաղաքները Տէրոջը երեսէն, Անոր սաստիկ բարկութեան երեսէն փլած էին։
27 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի, Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։
28 Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէ Ու վերէն երկինքը պիտի խաւարի. Վասն զի խօսեցայ, որոշեցի Եւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ»։
29 Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն ձայնէն Բոլոր քաղաքը պիտի փախչի։ Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն Ու ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն։ Բոլոր քաղաքները պիտի լքուին Եւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի։
30 Ու դո՛ւն, ո՛վ աւերուած, ի՞նչ պիտի ընես. Թէեւ կարմիրներ հագնիս Եւ քեզ ոսկի զարդերով զարդարես Ու աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես՝ ՝, Պարապ տեղը պիտի ըլլայ։ Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին եւ քու անձդ կը փնտռեն։
31 Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէս Ու իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս. Սիօնի աղջկան ձայնը, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը բանալով կ’ըսէ. «Հիմա վա՜յ ինծի, Քանզի սպաննողներուն առջեւ հոգիս նուազեցաւ»։