ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 11

Ահա խօսքը, որ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
2 «Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք եւ Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն ալ յայտնեցէ՛ք։ Եւ դուն անոնց ըսէ՛.
3 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերուն,
4 Որոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն զանոնք հանած օրս ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք ու ձեզի հրամայածս գործադրեցէ՛ք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ.
5 Որպէս զի հաստատեմ այն երդումը, որ ձեր հայրերուն ըրի, այնպիսի երկիր մը տալու անոնց, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ’։ Եւ ես պատասխան տուի ու ըսի. ‘Ամէն, ո՛վ Տէր’»։
6 Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կանչելով՝ ըսէ՛. ‘Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէք’,
7 Վասն զի ձեր հայրերը խստութեամբ խրատեցի, զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս մինչեւ այսօր, կանուխ ելլելով ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք’։
8 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չխոնարհեցուցին, հապա ամէն մարդ իր չար սրտին կամակորութեանը համեմատ քալեց, ուստի ես ալ անոնց վրայ պիտի բերեմ այն ուխտին բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոնց պատուիրեցի որ ընեն, բայց անոնք չըրին’։
9 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Յուդայի մարդոցը մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւաճանութիւն գտնուեցաւ։
10 Անոնք իմ խօսքերուս մտիկ չընելով՝ իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն դարձան եւ օտար աստուածներու ետեւէ գացին, որպէս զի անոնց ծառայութիւն ընեն։ Իսրայէլի տունը ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ ըրած ուխտս աւրեցին’։
11 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այնպիսի չարիք պիտի բերեմ անոնց վրայ, Որմէ կարող պիտի չըլլան ազատիլ։ Ինծի պիտի աղաղակեն, բայց անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։
12 Յուդայի քաղաքներն ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան, Պիտի աղաղակեն այն աստուածներուն, որոնց խունկ ծխեր էին. Բայց անոնց ձախորդութեան ժամանակը Բնաւ պիտի չազատեն զանոնք։
13 Քանզի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան, Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ։ Ամօթալից կռապաշտութեան համար սեղաններ, Բահաղին խունկ ծխելու համար սեղաններ կանգնեցուցիք։
14 «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Ու անոնց համար խնդրուածքով ու պաղատանքով մի՛ աղաչեր. Քանզի երբ իրենց վրայ հասած չարիքին համար ինծի աղաղակեն, Անոնց մտիկ պիտի չընեմ։
15 Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ, Քանի որ շատերուն հետ անօրէնութիւն՝ ՝ գործեր է. Սուրբ զոհն ալ քեզմէ վերցուեցաւ։ Քանզի դուն քու չարութիւնովդ կ’ուրախանաս։
16 Տէրը քու անունդ Կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի դրաւ, Բայց անոր վրայ մեծ աղմուկի ձայնով կրակ բռնկցուց Եւ անոր ոստերը սպառեցան։
17 Քեզ տնկող զօրքերու Տէրը Քեզի չարիք կամեցաւ։ Իսրայէլի տանը ու Յուդայի տանը չարութեանը համար, Որ անոնք գործեցին Եւ Բահաղի խունկ ծխելով՝ զիս բարկացուցին»։
18 Տէրը ինծի գիտցուց ու զանիկա գիտցայ. Այն ատեն ինծի անոնց չար գործերը ցուցուց։
19 Բայց ես մորթուելու տարուող ընտանեցած գառի մը պէս էի Ու չէի գիտեր թէ անոնք ինծի համար նենգութիւններ կը հնարէին՝ ըսելով. «Ծառը իր պտուղովը կործանենք Եւ զանիկա կենդանիներուն երկրէն բնաջինջ ընենք, Որ անոր անունը անգամ մըն ալ չյիշուի»։
20 Սակայն, ո՛վ Տէր զօրութիւններու, արդա՛ր Դատաւոր, Որ սիրտն ու միտքը կը քննես, Անոնցմէ առնելիք վրէժդ ինծի ցուցուր, Քանզի իմ դատս քեզի յանձնեցի։
21 Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ Անաթովթի մարդոցը համար, Որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն ու կ’ըսեն. «Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս»։
22 Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես զանոնք պիտի պատժեմ, Կտրիճները սուրով պիտի մեռնին, Անոնց տղաքներն ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան,
23 Անոնցմէ մէկը պիտի չմնայ. Վասն զի ես Անաթովթի մարդոցը վրայ՝ Անոնց պատուհասի տարին՝ չարիք պիտի բերեմ»։