ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 46
Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։
2 Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։
3 «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛ք Եւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։
4 Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք. Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք, Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։
5 Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։ Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցան Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան. ‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6 Շուտ վազողը թող փախչի Ու զօրաւորը չազատի։ Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով, Գլորելով պիտի իյնան։
7 Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի, Որուն ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։
8 Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուի Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։ Ու կ’ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ, Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։
9 Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք Եւ զօրաւորները թող ելլեն, Վահան բռնող Եթովպիացիները ու Փութացիները Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։
10 Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է, Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։ Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ, Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ, Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով, Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։
11 Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ, Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ, Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես, Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։
12 Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց. Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ, Երկուքը մէկտեղ ինկան»։
13 Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։
14 «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի, Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛ք Ու ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր, Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ՛։
15 Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան. Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։
16 Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկան Ու ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառով Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։
17 Հոն կը կանչէին. ‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ’աղաղակէ. Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։
18 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրքերու Տէր է, Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է, Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի, Այնպէս անիկա պիտի գայ։
19 Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ, Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի. Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայ Ու աւերակ առանց բնակիչի։
20 «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է, Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։
21 Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են. Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան. Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրը Ու անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։
22 «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ, Վասն զի զօրքով պիտի հասնին Եւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան.
23 Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ’ըսէ Տէրը, Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ են Ու անոնք մարախէն շատ են, Այնպէս որ չեն համրուիր։
24 Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ, Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։
25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ’ըսէ. «Ահա ես Նովացի Ամոնին եւ Փարաւոնին Ու Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն, Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ
26 Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ Եւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ’ըսէ Տէրը։
27 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Եւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։
28 «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի ես քեզի հետ եմ. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։