ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 18
Տէրը Երեմիային ըսաւ.
2 «Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։
3 Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։
4 Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։
5 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
6 «Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը, Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
7 Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ,
8 Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։
9 Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց
10 Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։
11 Հիմա Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։ Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք Ու ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։
12 Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ, Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։
13 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք, Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։ Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։
14 Միթէ Լիբանանին ձիւնը արտին վէմէն՝ ՝ կը պակսի՞, Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։
15 Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։ Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։ Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։
16 Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։ Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ Ու գլուխը պիտի շարժէ։
17 Որպէս թէ արեւելեան հովով՝ Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ, Անոնց թշուառութեան օրը Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։
18 Այն ատեն ըսին. «Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք, Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։ Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։
19 «Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։
20 Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։ Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ, Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։
21 Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։ Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան Եւ այրերը թող մեռնին Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։
22 Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։ Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։ Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։
23 Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։ Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր, Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին. Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։