ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 38

Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
2 «Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։
4 Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։
5 Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։
6 Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր։
7 Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր,
8 Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ.
9 «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի՝ ՝»։
10 Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։
11 Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։
12 Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։
13 Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։
14 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի՛ պահեր»։
15 Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։
16 Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։
17 Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք.
18 Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։
19 Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։
20 Երեմիան ըսաւ. «Պիտի չտան. կ՛աղաչեմ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, որ քեզի ըսի, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի,
21 Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է.
22 ‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։
23 Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։
24 Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։
25 Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’.
26 Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։
27 Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։
28 Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։